Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, «Սփիտ-Թեսթ»-ի 2-րդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մըրէյժաթի շրջանին մէջ (կեդրոնական Պեքաա), յաղթեց Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր ինքնաշարժով` «Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6»-ով հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 3′ 49″ 68 արդիւնք մը:
Երկրորդ հանդիսացաւ Քարլ Մասաատ, որ արձանագրեց 3′ 52″ 78 արդիւնք մը («Էմ. Վի.-Ար. Փրօ»), մինչ «Էվօ-10» ինքնաշարժը վարող Ժաուատ Սըլիմ, հանդիսացաւ երրորդ (3′ 55″ 28):
Կարօ Յարութիւնեան («Էվօ-6»), արձանագրելով 3′ 57″ 82 արդիւնք մը, յաջողեցաւ գրաւել չորրորդ դիրքը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատուներուն եւ այլ անձերու: