230-250 Միլիոն Եւրօ Ստանալու Պարագային Փարիզ Սեն Ժերմեն Պիտի Ծախէ Մպափէին
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն յայտարարեց, որ պատրաստ է ծախելու Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ, 20 տարեկան Քիլիան Մպափէն, եթէ անոր փոխարէն 230-250 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը ստանայ:
Մայրաքաղաքի կազմը 2017-ին Մոնաքոյէն փոխ առած էր Մպափէին: Ապա, փոխան 145 միլիոն եւրոյի, ձեռք ձգած էր անոր ստորագրութիւնը: Նախատեսուած է նաեւ 35 միլիոն եւրօ պոնիւս:
Նշենք, որ Սեն Ժերմենի հետ Մպափէի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2022-ին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական