Ինչպէս ծանօթ է, Եունիոր Սեւան հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան, սակայն բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցելու համար անիկա ցարդ արտօնագիր չէ ստացած:
Այս իրողութենէն մեկնելով` ակումբը դիմում-խնդրանք մը ներկայացուց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որպէսզի ստանայ իր արտօնագիրը:
Սակայն ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆետերասիոնը մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք, մերժեց անոր խնդրանքը:
Հետեւաբար, Եունիոր Սեւան 2019-2020 տարեշրջանին չի կրնար հանդէս գալ բարձրագոյն դասակարգին մէջ: