Մարզական

Ալեքսանտր Կարապետեան Միացաւ Սոչիին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան միացաւ Սոչիին, ուր արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր, յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կարապետեանի վերջին ակումբը եղած էր Փրոկրեսը (Լիւքսամպուրկ), ուր ան ելոյթ ունեցած է վերջին երկու տարիներուն: Փրոկրեսի հետ ան 47 մրցումի ընթացքին նշանակեց 40 կոլ: Սոչի 2019-2020 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ռուսիոյ «Փրեմիեր-լիկ»-ի ախոյեանութեան մէջ:    

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Վաղը` Ֆետերեր – Ճոքովիչ Աւարտական

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց կիսաւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, սերպ Նովաք Ճոքովիչ եւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Անոնց միջեւ աւարտականի ճակատումը կը կատարուի վաղը` կիրակի, 14 յուլիսին: Անիկա կը սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Այսօր, նոյն ժամուն, տեղի կ՛ունենայ աղջկանց աւարտականի մրցումը` ռումանացի Սիմոնա Հալեփի եւ ամերիկացի...

Արժանթինի Մէջ. 17 Տարեկան Բերդապահ Մը Մահացաւ Ֆութպոլի Մրցումի Մը Ընթացքին

Արժանթինեան մարզական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Արժանթինի ֆութպոլի հիւսիսային շրջանի լիկայի մրցումներէն մէկը աւարտած է ողբերգութեամբ: Փենալթիներով աւարտած մրցումին, 17 տարեկան բերդապահ Ռամոն Իսմայիլ Քորոնել թէեւ գնդակը ետ մղած է իր կուրծքով, սակայն իր խմբակիցներուն հետ անոր ունեցած ուրախութիւնը շատ երկար չէ տեւած` նկատի ունենալով, որ ան իր գիտակցութիւնը կորսնցնելով, գետին ինկած է: Հիւանդանոցի ճամբուն վրայ ան մահացած է` սրտի եւ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Տուգանքի Ենթարկեց Նէյմարը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարին դէմ սահմանեց տուգանք: Անոր աշխատավարձէն պիտի զեղչուի 375 հազար եւրօ: Նկատի ունենալով, որ ան ճշդուած ժամկէտին խումբին վերսկսած փորձերուն ներկայ չգտնուեցաւ, պարտի վճարել այդ տուգանքը: Ան պէտք էր 8 յուլիսին միանար իր խմբակիցներուն: Նէյմարի հայրը, որ ֆութպոլիստին գործակալն է, յայտնած էր ակումբին ղեկավարութեան, որ իր զաւակը շաբաթով մը...

Փիթըր Քրաուչ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

38 տարեկան Փիթըր Քրաուչ երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Երբ 17 տարեկան էի, լսեցի բոլորէն, որ պիտի իրագործեմ բազմաթիւ կարեւոր բաներ, որոնց կարգին` աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նշանակեմ 100 կոլ: Այս բոլորը յաջողեցայ կատարել եւ երազս իրականացնել: Այժմ կու գամ ցտեսութիւն ըսելու ֆութպոլին»: Անգլիոյ...

Միլանօ Քաղաքի Երկու Խումբերը Ներկայացուցին Նոր Մարզադաշտին Նախագիծը` 1,2 Միլիառ Եւրօ Արժող

Իտալական ֆութպոլի երկու խումբեր` Ա. Սէ. Միլան եւ Ինթեր Միլան, ներկայացուցին իրենց միացեալ մարզադաշտին նախագիծը, որ կ՛արժէ 1,2 միլիառ եւրօ: Այս նոր մարզադաշտը, որ պիտի ըլլայ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մօտ, կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես: Անոր մօտ պիտի կառուցուի նաեւ մեծ համալիր մը, ուր կրնան այցելել զբօսաշրջիկներ: Անիկա պիտի ունենայ շուրջ 3500 վաճառատուն, ճաշարան եւ այլ տեսակի բաժիններ: Միլանօ քաղաքին...

Ափրիկէի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականին Հասնող Խումբերը Յստակացան

Եգիպտոսի մէջ իր աւարտին մօտեցող Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, քառորդ աւարտականի մրցումներուն կատարումէն ետք յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը: Կիրակի, 14 յուլիսին, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Սենեկալ կը մրցի Թունուզի դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին Ալճերիա Նիկերիոյ դէմ: Աւարտականի ճակատումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 19 յուլիսին:  

Վերջին 10 Տարիներուն Ամէնէն Շատ Գումար Ծախսած 10 Ակումբները

Սպանական մամուլը երէկ վերջին տասը տարիներուն ամէնէն շատ գումար ծախսած ֆութպոլի ակումբներուն հաշիւները կատարելով յայտնեց, որ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի յաջողած է գերազանցել Ռէալ Մատրիտի, եւ Պարսելոնային: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ 10 ակումբները. 1.- Մանչեսթըր Սիթի 1,75 միլիառ եւրօ 2.- Ռէալ Մատրիտ 1,46 միլիառ եւրօ 3.- Պարսելոնա 1,44 միլիառ եւրօ 4.- Չելսի 1,40 միլիառ եւրօ 5.- Եուվենթուս 1,24...

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին.  Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Ասիոյ 25-րդ Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Ասիոյ 25-րդ Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

Երէկ կէսօրին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց 25-28 յուլիսին Քֆարզըպիանի (Քեսրուան) շրջանին մէջ Ասիոյ 25-րդ ախոյեանութիւնը` «Մաութըն Պայք»-ը հիւրընկալելու մասին: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, նախարար Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, մեծ...

Պիչ-Վոլիպոլ. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւնը` Թրիփոլիի Մէջ

1-3 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ պիչ-վոլիպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները` Պահսասի մէջ (Թրիփոլի) գտնուող «Նժեի Պիչ»-ի աւազոտ դաշտերուն վրայ: Զտումի այս մրցումները Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին տոմս մը ապահովելու համար Ա. հանգրուանի ճակատումներն են, որոնցմէ ետք խումբերը կ՛ապահովեն յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը: Չորս երկիրներ` Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա, Օման եւ Լիբանան, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին մասնակցելու...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելին` 30 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին: Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր մասնակցիլ փափաքողները կրնան արձանագրել իրենց անունները: Վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 14 օգոստոս, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ը: Յամենայն դէպս, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» մօտիկ ապագային պիտի յայտարարէ իր տալիք մամլոյ ասուլիսին...

19-21 Յուլիսին Ֆութսալի Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացքներ` Սպանացի Մարզիչներու Կողմէ

Գործակցութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, լիբանանցի մարզիչ Թարեք Ռըզք կը կազմակերպէ ֆութսալի մարզիչներու (տղաք եւ աղջիկներ) յատուկ դասընթացքներ, 19-21 յուլիսին: Այս ուղղութեամբ յառաջիկայ երկուշաբթի, 15 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, վերոնշեալ համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի տրուին բացատրութիւններ` անոր կայացման շուրջ: Այդ դասընթացքներուն ներկայ պիտի ըլլան Սպանիոյ ֆութսալի ազգային...

Քասեմ Անսարի Դէմ Գանգատ Ներկայացուց Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին

Անսարի եւ Պըրժի նախկին ֆութպոլիստ պաղեստինցի Մոհամետ Քասեմ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գանգատ ներկայացուց այն բանի մասին, որ Անսարէն նախորդ տարեշրջանին իր ամսականները ամբողջութեամբ չէ գանձած: Ան յայտնեց, որ քանի մը առիթներով դիմած է Անսարի վարչութեան, բայց երբ տեսած է, որ իր դիմումները որեւէ արդիւնքի չեն հասնիր, այլընտրանք չունենալով դիմած է ֆետերասիոնին: Ան ըսաւ, թէ յոյսով է, որ ֆետերասիոնը կը լուծէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վարդան Ղազարեան Նշանակուեցաւ Սաժեսի Մարզիչ

Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ Սաժեսի նախկին յառաջապահ Վարդան Ղազարեան նշանակուեցաւ Սաժեսի մարզիչ: Կը կարծուի, որ խումբը իր փորձերուն պիտի սկսի այս ամսուան վերջերուն` պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին: Անոր կողքին պիտի ըլլան օգնական մարզիչ Սուհատ Զըհրան, բերդապահներու մարզիչ Ատնան Իթանի, մինչ Էմիլ Ռըսթոմ պիտի ըլլայ թեքնիք...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Փորթուգալ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մեկնեցաւ Փորթուգալ, հոն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Հայրենի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Շուէտը, Վրաստանը, Քոսովոն, Էսթոնիան եւ Հոլանտան: Այսօր` ուրբաթ, 12 յուլիսին, հայրենի կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Շուէտի կազմին դէմ:  

«Եւրոպայի Լիկա». Ալաշկերտ Միակն Ըլլալով` Յաղթական

Երէկ` հինգշաբթի, 11 յուլիսին սկսան «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումները: Հայկական երեք խումբեր` Փիւնիկ, Ալաշկերտ եւ Բանանց, իրենց կարգին մրցումներ կատարեցին: Առաջին երկուքը` իրենց դաշտերուն վրայ: Փիւնիկ, որ հիւրընկալեց Շքուփին, (Մակեդոնիա), արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Էտկար Մանուչարեան իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ 85-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին վերջին կոլը: Ալաշկերտ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց...

Պարսելոնա Մտադիր Չէ 200 Միլիոն Եւրոյէն Աւելի Վճարել Նէյմարի Համար

Սպանական «Մարքա» մարզաթերթին համաձայն, թէեւ Պարսելոնա գրեթէ համաձայն է պրազիլցի Նէյմարի վերադարձին, սակայն մտադիր չէ անոր փոխանցման համար Փարիզ Սեն Ժերմենին վճարել 200 միլիոն եւրոյէն աւելի: Եթէ պատահի, որ մինչեւ 15 յուլիս ան չիմանայ Փարիզ Սեն Ժերմենին` սկսելու համար փորձերուն, ապա այդ ժամանակ մայրաքաղաքի կազմը ստիպուած պիտի ըլլայ նուազեցնել անոր փոխանցման գումարը` նկատի ունենալով, որ Սեն Ժերմենի մարզիչ Թոմաս Թուխել...

Թենիս. Ուիմպըլտըն.  Այսօր` Նատալ – Ֆետերեր Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Այսօր` Նատալ – Ֆետերեր Կիսաւարտականի Տաք Ճակատում

Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռաֆայէլ Նատալ, որ քառորդ աւարտականին հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Սեմ Քուերիի դէմ (7-5, 6-2, 6-2), կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ այս մրցաշարքի ութակի ախոյեան, զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը: Ֆետերեր, որ քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 4-6, 6-1, 6-4, 6-4 արդիւնքով յաղթեց ճափոնցի Քէյ Նիշիքորիին, այսպիսով այս մրցաշարքին արձանագրեց իր 100-րդ յաղթանակը:...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Պիտի Մասնակցի Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Միջազգային Մրցաշարքին

Պատրաստուելու համար Ասիա-2020-ի պասքեթպոլի բաժակի զտումի մրցաշարքին` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը որոշում տուաւ, որ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, իր մասնակցութիւնը բերէ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 10-18 սեպտեմբերին, Ռիատիի «Սաէպ Սալամ» մարզադաշտին վրայ, Մանարա: Նախապէս այս մրցաշարքին մասնակցելու գծով իրենց հաւանութիւնը տուին Անկոլայի ախոյեան Պրիմիօ Օկուսթօ եւ ուքրանական Չերքասի խումբը, մինչ կազմակերպիչ յանձնախումբը պատասխան կը...

Աթլեթիզմ. Կրտսերներու Արաբական 7-րդ Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Տիրացաւ 7 Գունաւոր Մետալներու

Աթլեթիզմ. Կրտսերներու Արաբական 7-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 7 Գունաւոր Մետալներու

Երէկ Թունուզէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք կրտսերներու տղոց եւ աղջկանց արաբական աթլեթիզմի 7-րդ ախոյեանութեան: Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ֆետերասիոնին այլ անդամները, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները: Այս ախոյեանութեան լիբանանցի մարզիկները...

Page 682 of 1279 1 … 681 682 683 … 1,279

Արխիւներ