Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Ասիոյ 25-րդ Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Մասին

July 12, 2019
| Newsletter, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց 25-28 յուլիսին Քֆարզըպիանի (Քեսրուան) շրջանին մէջ Ասիոյ 25-րդ ախոյեանութիւնը` «Մաութըն Պայք»-ը հիւրընկալելու մասին:

Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, նախարար Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, մեծ թիւով մարզական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք Ճոյս Նաուֆալ ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ այս ախոյեանութեան հիւրընկալումը կը նշանակէ, որ մեծ է վստահութիւնը մայրիներու երկրին նկատմամբ` հեծելարշաւի արաբական եւ միջազգային ֆետերասիոններուն կողմէ:

Ապա, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան խօսք առնելով ըսաւ.

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք այս ախոյեանութեան Լիբանանի մէջ կայացման գծով իրենց դրական դերը ունեցան, ներառեալ` նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, նախկին նախարարներ Ալեն Թապուրեանը եւ Սեպուհ Յովնանեանը եւ ուրիշ շատ շատեր:

«17 երկիրներու մասնակցութեամբ այս ախոյեանութիւնը անպայման պիտի ըլլայ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքներուն լոյսին տակ հեծելանւորդները պիտի ապահովեն յառաջիկայ ամառ տեղի ունենալիք Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը:

«Տարբեր դասակարգերու մէջ Լիբանանը ներկայացնող մարզիկները պիտի ըլլան Զահեր Հաժ, Սալահ Ռապպահ, Էլիաս Ապու Ռաշիտ, Էմիլ Տաու, Շարպել Պըթէյշ, Իսամ Ապու Ժաուտէ եւ Ռաֆիք Իտ: Անոնց վրայ կրնան աւելնալ նաեւ ուրիշներ:

«Ինչ կը վերաբերի ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան, անիկա տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 25 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Մոնթէ Պելլօ» պանդոկին մէջ (Աժալթուն):

«Եզրափակելով կու գամ ըսելու, որ մօտերս պիտի այցելեմ Զուիցերիա, այս ախոյեանութեան գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ներկայացնելու Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի ֆրանսացի նախագահ Տաւիտ Լափարթիենի»:

Ապա խօսք առին «Սքոթ» ընկերութեան տնօրէն Իսամ Մուպարաք եւ Մոհամետ Աուայտաթ, որոնք շնորհաւորեցին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը` այս ախոյեանութեան կազմակերպման իրաւունքը ստանալու համար:

Լուսանկարները Տրամադրեց`
ՔՐԻՍԹԵԼ ՍԱՆԵՀ

Նախորդը

Պիչ-Վոլիպոլ. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւնը` Թրիփոլիի Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Յուլիս 2019)

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.