Անսարի եւ Պըրժի նախկին ֆութպոլիստ պաղեստինցի Մոհամետ Քասեմ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գանգատ ներկայացուց այն բանի մասին, որ Անսարէն նախորդ տարեշրջանին իր ամսականները ամբողջութեամբ չէ գանձած:
Ան յայտնեց, որ քանի մը առիթներով դիմած է Անսարի վարչութեան, բայց երբ տեսած է, որ իր դիմումները որեւէ արդիւնքի չեն հասնիր, այլընտրանք չունենալով դիմած է ֆետերասիոնին:
Ան ըսաւ, թէ յոյսով է, որ ֆետերասիոնը կը լուծէ այս հարցը, եւ ինք կը գանձէ իր աշխատավարձերը: