38 տարեկան Փիթըր Քրաուչ երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Երբ 17 տարեկան էի, լսեցի բոլորէն, որ պիտի իրագործեմ բազմաթիւ կարեւոր բաներ, որոնց կարգին` աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նշանակեմ 100 կոլ: Այս բոլորը յաջողեցայ կատարել եւ երազս իրականացնել: Այժմ կու գամ ցտեսութիւն ըսելու ֆութպոլին»:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահը մաս կազմած է նաեւ շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Թոթենհամ եւ Լիվըրփուլ:



