Փարիզ Սեն Ժերմեն Տուգանքի Ենթարկեց Նէյմարը
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարին դէմ սահմանեց տուգանք: Անոր աշխատավարձէն պիտի զեղչուի 375 հազար եւրօ:
Նկատի ունենալով, որ ան ճշդուած ժամկէտին խումբին վերսկսած փորձերուն ներկայ չգտնուեցաւ, պարտի վճարել այդ տուգանքը: Ան պէտք էր 8 յուլիսին միանար իր խմբակիցներուն:
Նէյմարի հայրը, որ ֆութպոլիստին գործակալն է, յայտնած էր ակումբին ղեկավարութեան, որ իր զաւակը շաբաթով մը պիտի ուշանայ, որովհետեւ բարեգործական հիմնադրամի մը հետ գործունէութեամբ զբաղած է:
Սակայն, ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, ան մտադիր չէ մնալ ֆրանսական ակումբին հետ եւ կ՛ուզէ վերադառնալ Պարսելոնա:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական