Եգիպտոսի մէջ իր աւարտին մօտեցող Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, քառորդ աւարտականի մրցումներուն կատարումէն ետք յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը:
Կիրակի, 14 յուլիսին, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Սենեկալ կը մրցի Թունուզի դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին Ալճերիա Նիկերիոյ դէմ:
Աւարտականի ճակատումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 19 յուլիսին: