Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան միացաւ Սոչիին, ուր արդէն իսկ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր, յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կարապետեանի վերջին ակումբը եղած էր Փրոկրեսը (Լիւքսամպուրկ), ուր ան ելոյթ ունեցած է վերջին երկու տարիներուն: Փրոկրեսի հետ ան 47 մրցումի ընթացքին նշանակեց 40 կոլ:
Սոչի 2019-2020 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ռուսիոյ «Փրեմիեր-լիկ»-ի ախոյեանութեան մէջ: