Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին:
Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր մասնակցիլ փափաքողները կրնան արձանագրել իրենց անունները: Վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 14 օգոստոս, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ը:
Յամենայն դէպս, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» մօտիկ ապագային պիտի յայտարարէ իր տալիք մամլոյ ասուլիսին մասին` ռելիին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով: