Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ Սաժեսի նախկին յառաջապահ Վարդան Ղազարեան նշանակուեցաւ Սաժեսի մարզիչ:
Կը կարծուի, որ խումբը իր փորձերուն պիտի սկսի այս ամսուան վերջերուն` պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին:
Անոր կողքին պիտի ըլլան օգնական մարզիչ Սուհատ Զըհրան, բերդապահներու մարզիչ Ատնան Իթանի, մինչ Էմիլ Ռըսթոմ պիտի ըլլայ թեքնիք յանձնախումբին մէջ:
Սաժես բաւական զօրաւոր խումբ մը պատրաստած է եւ, ըստ ֆութպոլի մասնագէտներու, անիկա ի վիճակի է բարձրանալու Ա. դասակարգ: