Մարզական

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի նախօրեակին, անոր մասնակցող խումբերը կը տանին բաւական լուրջ աշխատանք: - ԵՐԷԿ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան Անսար ակումբի կոլսքորըր Հաժ Մալեք Թալ եւ Շապապ Սահելին մաս կազմող Ապտելազիզ Ընտայ (Սենեկալէն)` միանալու համար իրենց խումբերուն: Հաժ Մալեք Թալ (Անսար) Անոնք իրենց արձակուրդը անցընելէ ետք կը միանան իրենց խումբերուն` փորձերու սկսելու համար: - ՖՈՒԹՊՈԼԻ բարեկամական մրցումի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» 15-27 Յուլիսին Թենիսի Տարիքային Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 15-27 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ թենիսի տարիքային մրցաշարք մը` 17 տարբեր դասակարգերու մէջ (տղաք եւ աղջիկներ), կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք): Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ ութ հազար ամերիկեան տոլար: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է կապ հաստատեն մրցաշարքի տնօրէն Լուիզ Պազի հետ (03-954609):...

«Եւրոպայի Լիկա». Հայկական 3 Խումբեր Այսօր Մրցում Ունին Կատարելիք

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2019-2020 տարեշրջանը կը սկսի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան զտումի Ա. հանգրուանի երթի բազմաթիւ մրցումներ: Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները: Ժամը 16:30-ին (բոլոր ժամերն ալ` Պէյրութի ժամանակացոյցով) Փիւնիկ Երեւան կը հիւրընկալէ Շքուփին (Մակեդոնիան), ժամը 18:00-ին Ալաշկերտ կը հիւրընկալէ Մակեդոնիան (Մակեդոնիա), իսկ ժամը 21:30-ին Բանանց հիւրը պիտի ըլլայ Սուքարիքիի (Սերպիա): Կ՛ակնկալուի, որ հայկական երեք խումբերն...

Լեհաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախկին Նախագահը Կ՛աշխատի Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Մէջ

Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ եւ իրաւարար, 66 տարեկան Միհալ Լիսթքեւիչ պիտի վարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քատուղարութիւնը: Ան իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է 1973-ին, իսկ 1983-ին սկսած է սուլել միջազգային մրցումներ: Ան 1999-էն 2008 եղած է Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ, իսկ 2016-էն 2018` Չեխիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ: Ան...

Պալոթելլի Հեռացաւ Մարսէյէն

Ֆրանսական Մարսէյ ակումբի նախագահ Ժան-Հանրի Հէյրօ հաստատեց, որ իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հեռացաւ խումբէն: Նախորդ 30 յունիսին անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ խումբին հետ, եւ ան համաձայն չգտնուեցաւ զայն երկարաձգել: Պալոթելլիով հետաքրքրուած է Ուեսթ Համ:

Ալպերթօ Մորենօ Միացաւ Վիարէալին

Հինգ տարի անգլիական Լիվըրփուլ ակումբին մաս կազմելէ ետք, սպանացի յետսապահ Ալպերթօ Մորենօ միացաւ Վիարէալին` անոր հետ ստորագրելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: 27 տարեկան Մորենօ, որ նախապէս մաս կազմած է Սեւիլլային, նախորդ 1 յուլիսին ազատ մարզիկի կարգավիճակ ստացած էր:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոկպայի Համար Կը Պահանջէ… 180 Միլիոն Եւրօ

Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆրանսացի իր միջնապահին` Փոլ Փոկպայի համար կը պահանջէ... 180 միլիոն եւրօ: Ներկայ դրութեամբ Փոկպայով հետաքրքրուած են Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս: Անգլիական ակումբը մտադիր չէ այս ամրան ընթացքին ծախել Փոկպան, թէեւ վերջինս կը նշէ, որ իր ակումբը փոխելու մտադրութիւն ունի: Խումբը այժմ մեկնած է Աւստրալիա, ուր տասը օրուան հաւաք եւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում...

Լուքա Զիտան Փոխ Տրուեցաւ Ռասինկ Սանթանտերի

Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Լուքա Զիտան տարեշրջանի մը համար փոխ տրուեցաւ Ռասինկ Սանթանտերին, որ ելոյթ կ՛ունենայ Բ. դասակարգին մէջ: 21 տարեկան Լուքա Զիտան, որ զաւակն է Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Զինետին Զիտանի, Բ. դասակարգը նախընտրեց Ա. դասակարգէն («Լա-լիկա»)` նկատի ունենալով, որ նախորդ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ 2 մրցումի` իր բերդին մէջ ստանալով 4 կոլ: Իսկ Ֆրանսայի 20 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին...

Պարսելոնայի Մարզադաշտը` Նորոգութեան Մէջ

«Սքայ Սփորթց» հաղորդեց, որ Պարսելոնայի «Քամփ-Նու» մարզադաշտը նորոգութեան մէջ է: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտած պիտի ըլլան նախքան «Լա լիկա»-ի 2019-2020 տարեշրջանը սկսիլը: 4 օգոստոսին Պարսելոնա իր վերանորոգուած մրցադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը` ակումբի նախկին նախագահ Խուան Կամփերի յիշատակին նուիրուած մրցումին: «Լա լիկա»-ի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա ախոյեանութեան իր առաջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Պեթիսը` 25 օգոստոսին:...

Հեծելարշաւ.  Տեղի Ունեցաւ Լիբանանի Ճամբու Ախոյեանութեան Լեռնային Հանգրուանի Մրցումը

Հեծելարշաւ. Տեղի Ունեցաւ Լիբանանի Ճամբու Ախոյեանութեան Լեռնային Հանգրուանի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, Լիբանանի ճամբու ախոյեանութեան լեռնային հանգրուանի մրցումը, Զահրուրէն Պիսքանթա (130,5 քմ) տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ 28 հեծելանւորդներու, որոնք կը ներկայացնէին 7 ակումբներ: Անոնցմէ բացի, մասնակցեցան Լիբանանեան բանակին հեծելանւորդները: Ալէյ ակումբին մաս կազմող Ժիլպեր Հաննուշ հանդիսացաւ ախոյեան` արձանագրելով 3 ժամ 56' 49" արդիւնք մը: 2-րդ հանդիսացաւ անոր խմբակից Զահեր Հաժ (4 ժամ 01' 18"), իսկ երրորդ` Պայք Լեպանոն խումբին...

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Չեղեալ Նկատեց Ռասինկ Ակումբին Ընտրութիւնները

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ տեղի ունեցան Ռասինկ ակումբին ընտրութիւնները: Անոնց լոյսին տակ ընտրուեցան վարչութեան նոր նախագահ եւ այլ անդամներ: Սակայն, ակումբին անդամներուն մէկ մասը` հակադիր կողմը, բողոքեց` ընտրութիւնները անօրինական նկատելով: Անոնք իրենց բողոքը արտայայտելով նշեցին, որ այդ ընտրութիւնները օրինական ձեւով պոյքոթի ենթարկելով պիտի դիմեն երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, որպէսզի այդ ընտրութիւնները կրկնուին: Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, երիտասարդութեան...

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն

Ինչպէս ծանօթ է, անցնող տասը օրերուն Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն շատերը, 2019-2020 տարեշրջանին զօրաւոր կազմ մը ունենալու նպատակով իրենց շարքերը կը զօրացնեն նորեկ մարզիկներով: ԼԻԲԱՆԱՆԻ ամէնէն շատ համակիրները ունեցող Նըժմէ ակումբը իր կազմին միացուց երրորդ նորեկ մը, որ Ապտալլա Այշն է (տեղափոխուած` Թրիփոլիէն): Անոր փոխանցման համար Պէյրութեան կազմը վճարեց 20 հազար ամերիկեան տոլար: Ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն...

Մահացաւ Ծանրաբարձ Աղասի Աղասեան

4 յուլիսին Տաւուշի մարզին մէջ ինքնաշարժի արկած ունեցած հայրենի անուանի ծանրաբարձ, 30 տարեկան Աղասի Աղասեան մահացաւ: Անոր հետ ինքնաշարժին մէջ էին նաեւ անոր ընկերները` Յակոբ Լոբասեան (Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ) եւ Վարդան Դաւթեան: Աղասի Աղասեան Հայաստանի բազմակի ախոյեան էր, ինչպէս նաեւ համաշխարհային ուսանողական խաղերու Հայաստանի առաջին ախոյեանը: Անոր մահը անկասկած մեծ կորուստ մըն է հայկական մարզաշխարհին համար:

Արթուր Վանեցեան Ցաւակցագիր Մը Յղեց Սարգիս Հովիւեանի Մահուան Առիթով

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան անցեալի հռչակաւոր ֆութպոլիստ Սարգիս Հովիւեանի մահուան առիթով յղեց հետեւեալ ցաւակցագիրը. «80 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ, փորձառու մարզիչ Սարգիս Հովիւեան: «1960-ական թուականներուն ան իր անունը արձանագրեց ոսկեայ տառերով: Անոր մահով հայկական ֆութպոլը ունեցաւ մեծ կորուստ»: «Խորապէս կը ցաւակցիմ անոր ընտանիքին»:  

Մխիթարեան Սկսաւ Իր Փորձերուն` Արսենալի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Արսենալի հետ սկսաւ իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 2019-2020 տարեշրջանին: 30 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ նոր տարեշրջանին մեկնարկը տրուելուն: Արսենալ շրջագայութեան մը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական շարք մը հանդիպումներ Քոլորատոյի, Պայէրն Միւնիխի, Ֆիորենթինայի եւ Ռէալ Մատրիտի հետ, նշեց լոնտոնեան ակումբին պաշտօնական կայքը:

Հայ Բազկամարտիկները Մասնակցեցան Աշխարհի Բաժակի Պաշտօնական Ախոյեանութեան

Հայաստանի հաշմանդամներու մարմնամարզի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ 7 յուլիսին Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ ֆետերասիոնի անդամներ Սարգիս Ստեփանեան եւ Սերոբ Յովհաննիսեան մասնակցեցան բազկամարտի աշխարհի բաժակի պաշտօնական ախոյեանութեան: Ստեփանեան երկու տարբեր մրցումներու մասնակցելով տիրացաւ արծաթ մետալներու: Իսկ Յովհաննիսեան թէեւ մետալի չտիրացաւ, բայց արձանագրեց բացառիկ արդիւնքներ:  

Արթուր Վանեցեան Շրջագայեցաւ Եւրօ-2019-ի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալող Դաշտերը

Արթուր Վանեցեան Շրջագայեցաւ Եւրօ-2019-ի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալող Դաշտերը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան երէկ շրջագայեցաւ բոլոր այն մարզադաշտերը, ուր տեղի պիտի ունենան Եւրօ-2019-ի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, ինչպէս նաեւ այն պանդոկները, ուր պիտի ըլլան մասնակցող խումբերը եւ պաշտօնական անձնաւորութիւնները, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան սկիզբը այցելեց Բանանցի մարզադաշտը, ապա Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտ, որմէ ետք ֆետերասիոնի ակադեմիան: «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Արարատ Արմենիայի Պատմական Յաղթանակը` «Ա. Ի. Ք.»-ի Դէմ

«Չեմփիընզ Լիկ». Արարատ Արմենիայի Պատմական Յաղթանակը` «Ա. Ի. Ք.»-ի Դէմ

Երէկ` երեքշաբթի, 9 յուլիսին սկսան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 2019-2020 տարեշրջանի մրցումները, երբ կատարուեցան զտումի Ա. հանգրուանի երթի շարք մը ճակատումներ: Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա եւրոպական մրցաշարքերուն ծիրին մէջ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով, երբ արձանագրեց պատմական արդիւնք մը, Շուէտի ախոյեան «Ա. Ի. Ք.»-ի դէմ, 2-1 արդիւնքով: Հայրենի կազմին երկու կոլերը նշանակեց Պետրոս Աւետիսեան (3-րդ` փենալթիով եւ 45-րդ): Հիւր կազմը իր...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Աղջկանց Կիսաւարտականի Զոյգերը Յստակացան

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականի զոյգերը: Չեխ Պարպորա Սթրիքովա, որ յաղթեց անգլիացի Եոհաննա Քոնթային (7-6 եւ 6-1), կիսաւարտականին իր դէմ կ՛ունենայ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմսը, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց իր ազգակից` Էլիսոն Ռիսքէն` արձանագրելով 6-4, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսաւարտականի երկրորդ զոյգը կազմեցին Սիմոնա...

Ասիոյ 25-րդ «Մաութըն-Պայք»-ի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Կազմակերպիչ Յանձնախումբի Անդամներուն Անունները

Ինչպէս ծանօթ է, 25-28 յուլիսին Լիբանան Քֆարզեպիանի մէջ (Քեսրուան) կը հիւրընկալէ Ասիոյ (Քեսրուան) կը հիւրընկալէ Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի 25-րդ ախոյեանութիւնը, որ պիտի կայանայ բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի գլխաւոր հովանաւոր ընկերութեան` «Սքոթ»-ի: Այս գծով Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ հինգշաբթի, 11 յուլիսին, կէսօրուան ժամը...

Page 683 of 1279 1 … 682 683 684 … 1,279

Արխիւներ