Երէկ` հինգշաբթի, 11 յուլիսին սկսան «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումները:
Հայկական երեք խումբեր` Փիւնիկ, Ալաշկերտ եւ Բանանց, իրենց կարգին մրցումներ կատարեցին: Առաջին երկուքը` իրենց դաշտերուն վրայ:
Փիւնիկ, որ հիւրընկալեց Շքուփին, (Մակեդոնիա), արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Էտկար Մանուչարեան իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ 85-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին վերջին կոլը:
Ալաշկերտ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Մակեդոնիայի դէմ:
Իսկ վերջին մրցումին Բանանց, որ հիւրը եղաւ Չուքարիի (Սերպիա), 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց: