Արժանթինեան մարզական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Արժանթինի ֆութպոլի հիւսիսային շրջանի լիկայի մրցումներէն մէկը աւարտած է ողբերգութեամբ:
Փենալթիներով աւարտած մրցումին, 17 տարեկան բերդապահ Ռամոն Իսմայիլ Քորոնել թէեւ գնդակը ետ մղած է իր կուրծքով, սակայն իր խմբակիցներուն հետ անոր ունեցած ուրախութիւնը շատ երկար չէ տեւած` նկատի ունենալով, որ ան իր գիտակցութիւնը կորսնցնելով, գետին ինկած է:
Հիւանդանոցի ճամբուն վրայ ան մահացած է` սրտի եւ շնչառութեան հետ կապուած հարցեր ունենալէ ետք: