Լոս Անճելըսի Մէջ. Հենրիխ Մխիթարեանի Հանդիպումը` Հայաստանի Հիւպատոսին Եւ Հայ Համայնքին Հետ
Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: «Հաճելի հանդիպում մըն էր Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ», յայտնեց Մխիթարեան: Ապա ան իր ստորագրութեամբ մարզաշապիկ մը նուիրեց Արմէն Բայբուրդեանին: Յատուկ բանակումի մը համար Արսենալ կը գտնուի Լոս Անճելըսի մէջ: Խումբը իր...


