Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մեկնեցաւ Փորթուգալ, հոն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Հայրենի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Շուէտը, Վրաստանը, Քոսովոն, Էսթոնիան եւ Հոլանտան:
Այսօր` ուրբաթ, 12 յուլիսին, հայրենի կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Շուէտի կազմին դէմ: