Իտալական ֆութպոլի երկու խումբեր` Ա. Սէ. Միլան եւ Ինթեր Միլան, ներկայացուցին իրենց միացեալ մարզադաշտին նախագիծը, որ կ՛արժէ 1,2 միլիառ եւրօ:
Այս նոր մարզադաշտը, որ պիտի ըլլայ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մօտ, կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես:
Անոր մօտ պիտի կառուցուի նաեւ մեծ համալիր մը, ուր կրնան այցելել զբօսաշրջիկներ: Անիկա պիտի ունենայ շուրջ 3500 վաճառատուն, ճաշարան եւ այլ տեսակի բաժիններ:
Միլանօ քաղաքին երկու խումբերուն մարզադաշտը` Սան Սիրօ, որ կրնայ հիւրընկալել 80 հազար հանդիսատես, կառուցուած է 1926-ին:



