Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի դահուկարշաւի եւ զբօսաշրջութեան ակադեմիա:
Ան ըսաւ, որ իրենք միշտ կապի մէջ պիտի ըլլան միջազգային ֆետերասիոնին հետ, որ փորձառու մարզիչներ պիտի ուղարկէ Հայաստան, որպէսզի դահուկարշաւի դասընթացքներ կատարուին:
Այս ակադեմիան պիտի կառուցուի Աշոցքի շրջանին մէջ, ուր արդէն իսկ շինուած է դահուկարշաւի յատուկ կեդրոն-պանդոկ մը: