Քարլօ Անչելոթթի` Էվըրթընի Մարզիչ
Իտալական Նափոլի ֆութպոլի ակումբի նախկին գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ Էվըրթընի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 60 տարեկան իտալացին Էվըրթընի հետ կնքեց 4,5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Ան նախապէս եղած է նաեւ Ա. Սէ. Միլանի, Չելսիի, Ռէալ Մատրիտի, Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պայէրն Միւնիխի մարզիչ:



