
Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Մուպատալայի թենիսի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ռուսահայ Կարէն Խաչանով քառորդ աւարտականին գծով յաղթեց հարաւային քորէացի Սհունկ Հոնի` 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով:
Կիսաւարտականին Խաչանով այսօր կը մրցի սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ: