Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, Ֆիորենթինա, որ կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը, կը հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:45-ին:
Սպանիոյ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ժամը 22:00-ին (դարձեա՛լ Պէյրութի ժամանակացոյցով), Էյպար (16-րդ) կը հիւրընկալէ Կրանատան (9-րդ):
Գերմանիոյ ախոյեանութեան 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման մրցումին, 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ հիւրը կ՛ըլլայ Հոֆընհայմին (9-րդ), ժամը 21:30-ին:
Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ախոյեանութեան գծով այսօր որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: