Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներէն ետք, յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը:
Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որոնք յաղթանակներ արձանագրեցին, կիսաւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ:
Սիթի իր յաղթանակը արձանագրեց Օքսֆորտի դաշտին վրայ (3-1), մինչ Եունայթըտ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Քոլչեսթըրին:
Լայսթըր Սիթի, որ փենալթիներով յաղթեց Էվըրթընին (4-2), կիսաւարտականին պիտի մրցի Ասթոն Վիլայի դէմ, որ յաղթեց Լիվըրփուլին (5-0):
Մանչեսթըրի երկու կազմերուն միջեւ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 7 յունուար 2020-ին, մինչ երկրորդ մրցումը` անոր յաջորդող օրը: