Միջազգային շարք մը մարզական անուանի աղբիւրներ յայտնեցին, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կ՛աշխատի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին ձեւաչափը հիմնովին փոխելու ուղղութեամբ:
Կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին կը ծրագրէ փոխել խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումներուն օրէնքները:
Ըստ նոր ձեւաչափին, մասնակցողներուն թիւը դարձեալ պիտի ըլլայ 32, բայց 8 խմբակի փոխարէն պիտի ըլլան 4 խմբակներ, իւրաքանչիւրը` 8-ական մասնակիցով:
Առաջին չորս դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն 1-16-րդ հանգրուանի իրենց տոմսերը, մինչ վերջին չորս դիրքերը գրաւողները կը մասնակցին «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքին: