Կիրակի, 22 դեկտեմբերին, իր աւարտին կը հասնի Անթուան Ղըրայյեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային 7-րդ մրցաշարքը, երբ կը կատարուին աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ զօրակցութեամբ Ժըտէյտէ – Պաուշրիէ – Սատ քաղաքապետութեան եւ Միշել Մըրի անուան համալիրին տնօրէնութեան, կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հուփս – Էներժի աւարտականը (18 տարեկանէն վար):
Շաբաթ օր, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի – Սպաքեթ աւարտականը (10 տարեկանէն վար), ապա Պրէյզըրզ – Ռիատի աւարտականը (12 տարեկանէն վար), երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Թաատոտի դաշտին վրայ:
Վերջապէս, կիրակի, 22 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Ռիպաունտ – Ռիատի մրցումը (14 տարեկանէն վար), իսկ երեկոյեան ժամը 18:00-ին` Հուփս – Էներժի մրցումը (16 տարեկանէն վար), Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:
30 ակումբներէ 1200 մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս մրցաշարքին: