Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի օգնականը` Միկել Արթեթա, երէկ հրաժեշտ տուաւ ակումբին ֆութպոլիստներուն:
«Տը Սան» օրաթերթը յայտնեց, որ ան այս շաբաթավերջին Արսենալի մարզիչ պիտի նշանակուի:
Արսենալ 37 տարեկան Արթեթայի հետ պայմանագրութիւն կնքելու համար 2 միլիոն եւրօ հատուցում պիտի վճարէ Սիթիին: