«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 24-րդ պարտութիւնը, երբ 122-112 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտէն:
Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ) նշանակեց 31 կէտ, մինչ Տ՛Անճելօ Ռասըլ (Ուորիըրզ)` 26 կէտ:
Երկրին գործող ախոյեան Թորոնթօ Ռեփթըրզ 112-99 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտէն` արձանագրելով իր 19-րդ յաղթանակը:

Փասքալ Սլաքամ նշանակեց 26 կէտ, մինչ Ռեփթըրզի անոր խմբակիցը` Քայլ Լորի, թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (20 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ, որ հիւրընկալեց Շիքակօ Պուլզը, երկարաձգումէն ետք, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 110-109 արդիւնքով պարտուեցաւ Շիքակօ Պուլզէն:
Մինեսոթայի մէջ, Վուլվզ 107-99 արդիւնքով պարտուեցաւ Նիւ Օրլինզէն, Պրենտըն Ինկրամ ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 34 կէտ:
Քլիվլենտի մէջ, Քաւալիրզ 100-98 արդիւնքով յաղթեց Շարլոթ Հոռնեթցին: Այս վերջինէն Թերի Ռոզիեր նշանակեց 35 կէտ:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց արձանագրած արդիւնքները. սկիզբը` յաղթանակ, ապա` պարտութիւն).
Աթլանթա Հոքս (6-22) – Եութա Ճեզ (16-11)
Միլուոքի Պաքս (24-4) – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (24-4)
Սան Անթոնիօ Սփըրզ (10-16) – Պրուքլին Նեթց (15-12)
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (21-8) – Հիուսթըն Ռոքեթց (18-9)


