Հանդիսութեան մը ընթացքին, որ ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք), կատարուեցաւ 2019 տարեշրջանի բոլոր մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կողմէ:
Անոր ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ հրաւիրեալներ, մարզական լրագրողներ, ինքնաշարժներու աշխարհին մէջ մրցանակային դիրք գրաւած վարորդներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները:
Տիտղոսակիրներուն կարգին եղան նաեւ հայեր:
Քարթինկի կրտսերներու ախոյեան հանդիսացաւ Ռալֆ Էթիեմեզեան, իսկ մեծերու պարագային տիտղոսակիր եղաւ Քարլ Էթիեմեզեան:
Կազմակերպիչ ակումբին կողմէ խօսք առնելով` Իմատ Լահուտ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ յառաջիկայ տարեշրջանին ընթացքին:
Հանդիսութեան աւարտին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան զինուորականներու եւ այլ անձնաւորութիւններու:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
«ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ. – ՌԷՅՍԻՆԿ»