Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն բացման ծիրին մէջ, երէկ Եուվենթուս, որ հիւրը եղաւ Սամտորիային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
19-րդ վայրկեանին Փաուլօ Տիպալա նշանակեց մրցումին եւ Եուվենթուսի առաջին կոլը: Սակայն 35-րդ վայրկեանին Ճիանլուքա Քափրարի նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը:
Ա. կիսախաղի դադարէն առաջ սակայն, փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց սքանչելի եւ տպաւորիչ կոլ մը, որուն շնորհիւ անոր կազմը արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին վերջին վայրկեանին, Սամտորայի կոլը նշանակած Քափրարի, իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Եուվենթուս, պարագլուխի դիրքը խլեց Ինթեր Միլանէն, որ իր մրցումը կը կատարէ շաբաթավերջին:
Եուվենթուս այժմ ունի 42 կէտ, մինչ Ինթեր Միլան ունի 39 կէտ: