Անսար ֆութպոլի ակումբին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց կազմին մէջ պահել իր օտարականները, նոյնիսկ եթէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 27 դեկտեմբերին իր գումարելիք համագումարին որոշէ ընդմիջուած ախոյեանութիւնը շարունակել առանց օտարականներու:
Անսար այս քայլին կը դիմէ, որովհետեւ խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին:
«Կանաչները» մասնաւորաբար չեն ուզեր ձերբազատիլ սենեկալցի Հաժ Մալեք Թալէն, որ քանի մը տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ խումբին:
Այլ գետնի վրայ, Անսար յայտնեց, որ խումբին վերամիացաւ լիբանանցի միջազգային մարզիկ Հասան Սաատ (Սոնի), որ երկու շաբթուան համար մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ` իր արձակուրդը այդտեղ անցընելու համար:
Նշուեցաւ, որ խումբը ամբողջական կազմով իր պաշտօնական փորձերուն կը սկսի երկուշաբթի, 23 դեկտեմբերին: