Մարզական

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբերին.  Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Վերջնական Որոշումը Պիտի Տայ 2019-2020 Տարեշրջանին Գծով

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբերին. Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Վերջնական Որոշումը Պիտի Տայ 2019-2020 Տարեշրջանին Գծով

Երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարը` ներկայութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ ֆետերասիոնի բոլոր անդամներուն: Այս համագումարին իւրաքանչիւր ակումբի ներկայացուցիչ արտասանեց իր խօսքը եւ տուաւ իր կարծիքը` Լիբանանի ֆութպոլի 2019-2020 տարեշրջանին կիսատ մնացած ախոյեանութեան գծով: Ֆետերասիոնը լսեց բոլորին ալ տուած կարծիքները, որոնք եղան տարբեր տեսակի: Անոնցմէ ոմանք նշեցին, որ ախոյեանութիւնը...

Սուսերամարտ. Արաբական Ախոյեանութիւն Ռիթա Ապու Ժաուտէ Տիրացաւ 3 Արծաթ Մետալի

Լիբանանի սուսերամարտի ախոյեան Ռիթա Ապու Ժաուտէ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած Արաբական սուսերամարտի ախոյեանութեան յաջողեցաւ տիրանալ 3 արծաթ մետալի: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ եօթը երկիրները` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Լիբանան, Սուրիա, Պաղեստին, Իրաք եւ Քուէյթ: Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ եթէ Ռիթա Ապու Ժաուտէ ախոյեանութեան առաջին օրը իր ձեռքը չվիրաւորէր, անկասկած պիտի տիրանար ոսկի մետալի:  

Տաւուշի Մարզի 5 Գիւղերու Մէջ Նոր Մարզադաշտերու Բացում

Տաւուշի Մարզի 5 Գիւղերու Մէջ Նոր Մարզադաշտերու Բացում

Տաւուշի մարզի 5 գիւղեր պիտի ունենան փոքր նոր մարզադաշտեր, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, Տաւուշի մարզ այցելեցին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, փոխնախագահ Արմէն Նիկողոսեան` այլ պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ: Անոնք առաջին անգամ այցելեցին Հաղարծին գիւղը, ապա` Գանձաքար, որմէ ետք` մնացեալ գիւղերը:  

Հայաստանի 2019 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկներուն Տասնեակը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած` 2019 տարուան լաւագոյն մարզիկներուն քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան 2019-ի լաւագոյն տասնեակին մաս կազմողները: Մարզիչներու, մարզական լրագրողներու եւ «Էս. Էմ. Էս.»-ի քուէարկութեան արդիւնքներով լաւագոյն տասը մարզիկներն են` Սիմոն Մարտիրոսեան (ծանրաբարձութիւն), Արթուր Ալեքսանեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Արթուր Աւետիսեան (մարմնամարզութիւն), Գոռ Մինասեան (ծանրաբարձութիւն), Ռուբէն Ալեքսանեան (ծանրաբարձութիւն), Յովհաննէս Բաչքով (կռփամարտ), Սլաւիկ Գալստեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Տիգրան...

Տիգրան Բարսեղեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ասթանայի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ղազախական Քայսարի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ դարձեալ ղազախական ակումբի մը` Ասթանայի հետ: Բարսեղեան Քայսարի հետ ամբողջացուց տարեշրջան մը` անոր հետ հանդիսանալով երկրին բաժակակիրը: Ան հանդիսացաւ իր ակումբին ռմբաձիգը` նշանակելով 12 կոլ: Նախքան Ասթանա անոր փոխանցումը, Բարսեղեանով հետաքրքրուած էին ԱԷՔ (Յունաստան) եւ Լոս Անճելըս Կալաքսի (Միացեալ Նահանգներ):

Ֆութսալ. Հայաստանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տեղի Պիտի Ունենայ Աղջկանց Բաց Ախոյեանութիւն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ աղջկանց ֆութսալի բաց ախոյեանութիւն: Տեղի պիտի ունենան 14 տարեկանէն վար եւ 15 տարեկանէն վեր երկու տարիքային ախոյեանութիւն: Անիկա պիտի սկսի 19 յունուար 2020-ին: Աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ մարտ 2020-ին: Խումբերը բաղկացած պէտք է ըլլան նուազագոյնը 6 մասնակիցէ: Խումբերուն արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 10 յունուար 2020-ը:

Անգլիական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին` 20-րդ Եւ Դարձի Ա. Հանգրուանի Մրցումները

Հակառակ անոր որ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները այժմ կարճ արձակուրդի մէջ են Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, սակայն Անգլիոյ մէջ մրցումները կը շարունակուին: Շաբաթավերջին կը կատարուին 20-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումները: Նախանցեալ օր տեղի ունեցած 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ, որ յետաձգուած մրցում մը ունի, շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը, երբ այս...

Մարոքցի Իրաւարար Հիշամ Թիազի Ցմահ Կախակայուեցաւ

Մարոքի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ իրաւարար Հիշամ Թիազի ցմահ կախակայուեցաւ իր կատարած բաւական աններելի եւ կոպիտ սխալներուն համար: 44 տարեկան Թիազի իր սուլած վերջին մրցումին որոշեց տալ 4 փենալթիներ, որոնցմէ երեքը` նոյն խումբին դէմ: Մարոքի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Օլիմփիք Հուրիպքան 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Եուսուֆի Պերրեհիտի դէմ: Յաղթական կազմը իր...

Լեւանտովսքի Շրջանցեց Մեսսին Եւ Մպափէն

«Մարքա» հաղորդեց, որ Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի դարձաւ 2019 տարուան լաւագոյն ռմբաձիգը: Լեհ ֆութպոլիստը 1 յունուար 2019-էն սկսեալ դարձաւ 54 կոլի հեղինակ` մասնակցելով 59 մրցումի: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լիոնել Մեսսի (50 կոլ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Քիլիան Մպափէ (44 կոլ):

Քաւանիի Աթլեթիքօ Մատրիտ Տեղափոխութիւնը` Օրերու Հա՞րց

Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի համաձայնութեան եկած է Աթլեթիքօ Մատրիտ տեղափոխուելու գծով, կը յայտնէ «ԱՍ»: 32 տարեկան Քաւանի սպանական ակումբին հետ պիտի կնքէ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Կ՛ակնկալուի, որ այս տեղափոխութիւնը կատարուի քանի մը օրերու ընթացքին: Ան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ ֆրանսական ակումբին (նախապէս` Նափոլի):

Խուան Լափորթա Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ Պարսելոնայի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին նախագահ Խուան Լափորթա յայտարարեց, որ կը պատրաստուի իր թեկնածութիւնը առաջադրելու ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն: Ըստ «Մունտօ Տեփորթիւօ օրաթերթին, ան ինքնավստահ է, որ այդ ընտրութիւններուն յաղթանակ պիտի արձանագրէ: Ան Պարսելոնայի 38-րդ նախագահը եղաւ 2003-էն 2008: Ան իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր նաեւ 2015-ին, սակայն պարտուած` ակումբին այժմու գործող նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուէն: Պարսելոնայի նախագահական ընտրութիւնները պիտի ունենան 30 յունիս 2021-ին:

Եւրօ-2020-էն Ետք. Ռաքիթիչ Շատ Հաւանաբար Աւարտէ Իր Միջազգային Ասպարէզը

Խրուաթական մամուլը կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ շատ հաւանաբար Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներէն ետք աւարտէ իր միջազգային ասպարէզը: 31 տարեկան Ռաքիթիչ ըսաւ, որ ասիկա պիտի յստականայ, երբ ինք խորհրդակցութիւն մը ունենայ հաւաքականի մարզիչին հետ: Ռաքիթիչ, որ 2007-էն ի վեր մաս կը կազմէ Խրուաթիոյ ազգային խումբին, 106 մրցումի ընթացքին նշանակած է...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի Ակումբներուն Ժողովները Վերջ Գտան… Առանց Համաձայնութեան

Ինչպէս ծանօթ է, այսօր` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի գումարէ յատուկ համագումար մը, որուն ընթացքին կրնայ վերջնական որոշում մը տալ եւ յստակացնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Ա. եւ Բ. դասակարգերու կիսատ մնացած ախոյեանութիւններուն: Վերջին քանի մը օրերուն, Ա. դասակարգի ակումբներուն մեծամասնութիւնը ունեցաւ շարք մը հանդիպում-ժողովներ, որոնք սակայն վերջ գտան առանց համաձայնութեան: Անոնցմէ ոմանք պահանջեցին, որ ախոյեանութիւնը շարունակուի...

Ճատրակ.  Ֆըրն Շըպպեքի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք

Ճատրակ. Ֆըրն Շըպպեքի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք

Մասնակցութեամբ 85 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, Ֆրեր Նոթրը Տամ - Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին ճատրակի վեթերաններու ակումբին կազմակերպած Ս. Ծննդեան ճատրակի 21-րդ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ բաւական մեծ խանդավառութեամբ եւ բուռն պայքարով` տիտղոսին տիրանալ փորձող խաղացողներուն մօտ: Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու մրցումներ, որոնց ընթացքին տիտղոսներու տիրացան Ատամ Արքատան (8 տարեկանէն վար), Մարք Ապու Տիպ (10 տարեկանէն վար), Միրիամ Սայեղ (12-14 տարեկանէն վար), Մարք...

Պասքեթպոլ. «Թելեքոմ»-ի 2-րդ Մրցաշարքը Սկիզբ Առաւ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախանցեալ օր սկիզբ առաւ «Թելեքոմ»-ի 2-րդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 5 խումբերը` «ԱԼՖԱ», «ԹԱՉ», «ՍԻՍՔՕ», «ՕԺԵՐՕ» եւ «ԱՅ. ՓԻ. ԹԻ.»: Ըստ մրցաշարքի օրէնքին, 5 խումբերէն չորսը, կը հասնին կիսաւարտականին: Նախորդ տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած այս մրցաշարքը բաւական մեծ յաջողութիւն գտած էր:

Ծանրաբարձութիւն. Քաթարի Միջազգային Մրցաշարք. Գոռ Մինասեան Տիտղոսակիր. Ռուբէն Ալեքսանեան` Փոխախոյեան

Տոհայի մէջ (Քաթար) աւարտած ծանրաբարձութեան միջազգային մրցաշարքին (ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարք), աշխարհի փոխախոյեան Գոռ Մինասեան ոսկի մետալի տիրացաւ 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ: Նոյն դասակարգին մէջ, Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը` Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր Ռուբէն Ալեքսանեան, հանդիսացաւ փոխախոյեան: Մինասեան արձանագրեց 424 քկ արդիւնք մը (198 եւ 226), իսկ Ալեքսանեան` 416 քկ (180 + 236): Հայաստանի համար ոսկի մետալ ապահոված էր նաեւ Եւրոպայի...

Սիմոն Մարտիրոսեան Պիտի Հռչակուի 2016-ի Ողիմպիականի Ախոյեան

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ, աշխարհի կրկնակի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան պիտի հռչակուի 2016-ի Ռիոյի ողիմպիական խաղերու ախոյեան` 105 քկ դասակարգին մէջ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան ըսաւ, որ ախոյեան հռչակուած ուզպեք Ռուսլան Նուրուտինովի` խթանիչ դեղերու գործածութեան քննութեան արդիւնքները տուած են դրական արդիւնք, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան պիտի զրկուի ոսկի մետալէն, որ պիտի տրուի փոխախոյեան հանդիսացած Մարտիրոսեանին: Պաշտօնական յայտարարութիւնը պիտի...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան: Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) սկսած այս ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին, Արոնեան սեւ քարերով յաղթեց Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Էլտար Կասանովին (43-րդ շարժումին): Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Պետրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Արման Փաշիկեան, Ա. հանգրուանին արձանագրեցին հաւասարութիւններ:

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Մրցի Ղազախստանի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 30 մարտ 2020-ին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ղազախստանի դէմ` Ալմաթիի մէջ: Անոնք իրարու դէմ մրցած են 7 անգամ: Հայաստան արձանագրած է 4 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրած պարտութիւն մը:  

Հայկական Ֆութպոլ. Էտկար Մանուչարեան Հրաժեշտ Տուաւ Փիւնիկին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան իր ելոյթները պիտի չշարունակէ Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի հետ, տեղեկացուց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Փիւնիկ երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեց պայմանագրութիւնը` 32 տարեկան յառաջապահին հետ: Ան Փիւնիկ վերադարձած էր այս տարի եւ մասնակցելով 4 մրցումի նշանակած էր կոլ մը: Փիւնիկ յաջողութիւն մաղթեց իր ֆութպոլիստին` իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով:

Page 647 of 1279 1 … 646 647 648 … 1,279

Արխիւներ