Մարզական

Պասքեթպոլ.  Աւարտեցաւ Անթուան Ղըրայյեպի Անուան Տարիքային 7-րդ Մրցաշարքը

Պասքեթպոլ. Աւարտեցաւ Անթուան Ղըրայյեպի Անուան Տարիքային 7-րդ Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ զօրակցութեամբ Ժըտէյտէ - Պաուշրիէ - Սատ քաղաքապետութեան եւ Միշել Մըրի անուան համալիրին տնօրէնութեան, երկուքէն երեք ամիսներու վրայ երկարած Անթուան Ղըրայյեպի անուան տարիքային 7-րդ մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան աւարտականի մրցումները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. 10 տարեկանէն վար.- Սպաքեթ Թրիփոլի - Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի` 60-46 12 տարեկանէն վար.- Պրէյնըրզ - Ռիատի`...

Տիեկօ Ֆորլանի Հրաժեշտի Մրցումը

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլանի հրաժեշտի մրցումը: 40 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ օգոստոսին յայտարարած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու մասին: Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբը մրցեցաւ Ֆորլանի եւ անոր ընկերներէն կազմուած խումբին դէմ: Արձանագրուեցաւ 6-6 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին մասնակցեցան նաեւ Լուիս Սուարեզ, Խուան Սեպասթիան Վերոն, Խուան Ռամոն Ռիքուելմէ, Խաւիէ...

«Ֆրանս Ֆութպոլ». 10-Ամեակի Խորհրդանշական Հաւաքականը

Ֆրանսական հանրածանօթ «Ֆրանս ֆութպոլ» մարզաթերթը, ամփոփելով նախորդ 10-ամեակը, կազմեց խորհրդանշական հաւաքականի իր տարբերակը: Գլխաւոր չափանիշը եղած է «Ոսկիէ գնդակ»-ի թեկնածուներուն տասնեակին մէջ ըլլալը: Ամէն տարի «Ֆրանս ֆութպոլ»-ը ինք կը կազմակերպէ «Ոսկիէ գնդակ»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Ստորեւ` 10-ամեակի խորհրդանշական հաւաքականը. Իքեր Քասիաս (Ռէալ Մատրիտ, Փորթօ), Ֆիլիփ Լահմ (Պայէրն Միւնիխ), Վիրճիլ Վան Տիյք (Լիվըրփուլ), Սերճիօ Ռամոս, Մարսելօ, Լուքա Մոտրիչ (Ռէալ Մատրիտ), Չաւի, Անտրես Ինիեսթա...

Տէյվիտ Մոյես Նշանակուեցաւ Ուեսթ Համի Մարզիչ

Լոնտոնեան Ուեսթ Համի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ սկովտիացի Տէյվիտ Մոյես նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ, կողմերը իրարու հետ կնքեցին 18 ամսուան պայմանագրութիւն մը: 56 տարեկան Մոյես նախապէս նոյեմբեր 2017-էն մինչեւ չիլիցի Մանուէլ Փելեկրինիի նշանակումը (մայիս 2018) եղած էր ակումբի մարզիչ: Նախորդ տարեշրջանին Ուեսթ Համ տարեշրջանը աւարտեց 10-րդ դիրքին վրայ: Սակայն այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած բաւական վատ արդիւնքներուն պատճառով (այժմ` 17-րդ),...

Սերենա Ուիլիըմզ` Վերջին Տասնամեակին Լաւագոյն Մարզիկուհին

Ամերիկացի թենիսվումըն, նախապէս աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւող Սերենա Ուիլիըմզ արժանացաւ վերջին տասնամեակի լաւագոյն մարզիկուհիի մրցանակին, «Տի Ասոսիէյթըտ Փրես» գործակալութեան կողմէ: Քուէարկութեան մասնակցեցան լրատուական գործակալութիւններ, մարզական խմբագիրներ եւ լրագրողներ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սիմոնա Պայլզ (մարմնամարզութիւն), իսկ երրորդ դիրքը` Քեթլին Լետեքի (լողարշաւ): 38 տարեկան Սերենա նախորդ 10 տարիներուն տիրացած է 12 կրան շլեմի տիտղոսներու, եղած է 2012-ի ողիմպիականի խաղերու...

«Կլոպ Սաքըր Ըուըրտծ». Ռոնալտօ` 2019 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ «Կլոպ Սաքըր Ըուըրտծ» մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ճանչցուեցաւ 2019 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: 34 տարեկան ֆութպոլիստը իր ետին ձգեց Լիվըրփուլի հոլանտացի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյքը, եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահը (Լիվըրփուլ) եւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին: Ռոնալտօ, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կը տիրանայ այս...

Մինօ Ռայոլա Ստացաւ 15 Միլիոն Եւրօ

Նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի փոխանցման համար Պորուսիա Տորթմունտ աւստրիական Սալզպուրկ ակումբին վճարեց 45 միլիոն եւրօ: Այդ գումարին 15 միլիոն եւրոն ստացաւ 19 տարեկան ֆութպոլիստին իտալացի գործակատարը` Մինօ Ռայոլա, 10 միլիոն եւրօ` ֆութպոլիստին հայրը, իսկ 20 միլիոն եւրօ` Սալզպուրկ, յայտնեց իտալական «Կազեթթա» կայքը: Հաալանտ Տորթմունտի հետ կնքեց 4,5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Ան Աւստրիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան 14 մրցումի ընթացքին նշանակեց 16...

Գեղասահք. Արթուր Դանիէլեան Ռուսիոյ Հաւաքականին Հետ Պիտի Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Վոլկոկրատցի Արթուր Դանիէլեան, որ առաջին անգամ ըլլալով ընդգրկուեցաւ Ռուսիոյ գեղասահքի մեծերու հաւաքականին մէջ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 20-26 յունուարին, աւստրիական Կրաց քաղաքին մէջ: Արթուր Դանիէլեան, որ նախորդ 17 դեկտեմբերին տօնեց իր ծննդեան 16-րդ տարեդարձը, նախորդ շաբաթ Քրասնոտարի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ գեղասահքի ախոյեանութեան գրաւեց երկրորդ դիրքը: Իսկ նախորդ տարի ան աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան...

premier league-logo

«Փրեմիեր Լիկ». Չորեքշաբթի, 1 Յունուարին` 21-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան 2020 տարուան առաջին օրը` չորեքշաբթի, 1 յունուարին: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի հինգշաբթի, 2 յունուարին, Լիվըրփուլ - Շեֆիլտ Եունայթըտ մրցումով: Ստորեւ` յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 1 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ Պրայթըն (14) - Չելսի (4) 14:30 Պըրնլի (13) - Ասթոն Վիլա (18) 14:30 Նիւքասըլ (11) - Լայսթըր Սիթի...

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Պարգեւատրեց 2019 Տարուան Ախոյեաններն Ու Մետալակիրները

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի Օլիմփաւանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն պարգեւատրեց 2019 տարուան աշխարհի, Եւրոպայի եւ եւրոպական խաղերու ախոյեաններն ու մետալակիրները: Մարզիկներուն հետ միասին նիւթական պարգեւներ ստացան նաեւ մարզիչները: Պարգեւատրուեցան ծանրաբարձութեան, ըմբշամարտի, մարմնամարզութեան, կռփամարտի եւ սամպոյի մարզաձեւերուն մէջ մետալներու տիրացած բոլոր մարզիկները: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն պարգեւատրեց նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Տարուան...

Կռփամարտ. Արսէն Գուլամիրեան Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Պաշտպանեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Գօտին

«ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի վարկածով կիսածանր քաշային կարգի կռփամարտի աշխարհի ախոյեան Արսէն Գուլամիրեան նախորդ շաբաթավերջին պաշտպանեց ախոյեանութեան իր գօտին` յաղթանակ արձանագրելով ռումանացի Քոնսթանթին Փեժենարուի դէմ: Մարսէյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցած այս մենամարտին, հայազգի կռփամարտիկը 9-րդ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց իր մրցակիցը: Այսպիսով, ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրեց իր 26-րդ յաղթանակը, 18-րդ` նաք աութով: Մինչ անոր մրցակիցը կրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին...

Ծանրաբարձութիւն. Սիմոն Մարտիրոսեան Երկրորդ` Վրաստանի Միջազգային Մրցաշարքին

Աշխարհի եւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան կրկնակի ախոյեան, ողիմպիականի փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան, արծաթէ մետալի տիրաաւ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած Քախա Քախիաշվիլիի (ողիմպիականի եռակի ախոյեան) անուան միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ միայն գերծանր (109 քկ) դասակարգով: Երկամարտի 415 քկ արդիւնքով ան գրաւեց երկրորդ դիրքը` 40 քիլոկրամով ետ մնալով Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ախոյեան Լաշա Թալախածէէն, որ արձանագրեց 455 քկ արդիւնք մը:  

Ճատրակ.  Մակնիւս Քարլսըն` Արագ Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան. Արոնեան` 5-րդ

Ճատրակ. Մակնիւս Քարլսըն` Արագ Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան. Արոնեան` 5-րդ

Դասական ճատրակի աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի յաղթանակով աւարտեցաւ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Ան առաւելագոյն 15 կէտէն 11,5 կէտ ապահովելով երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեան: Ան նաեւ կայծակնային ճատրակի աշխարհի քառակի ախոյեան է: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 10 կէտով գրաւեց 5-րդ դիրքը: Ան այս մրցաշարքին պարտութիւն կրեց միայն Քարլսընէն: Հայաստանի միւս...

«Էն. Պի. Էյ.». Պաքսի 29-րդ Յաղթանակը` Ուորիըրզի 25-րդ Պարտութիւնը. Տոնքիչ Եւ Ժոքիչ` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակներ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 14 ճակատումներ: Շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը` շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց իր 29-րդ յաղթանակը, երբ 111-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Օրլանտօ Մեճիքը: Լուքա Տոնքիչ Արեւմտեան շրջանի վերջին դիրքին վրայ գտնուող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Տալաս Մավըրիքսը, անկէ կրեց 141-121 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յաղթական կազմէն Լուքա Տոնքիչ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ Շարունակեց Մնալ Անպարտելի.  Չելսի Յաղթական` Լոնտոնեան Տերպիին

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Շարունակեց Մնալ Անպարտելի. Չելսի Յաղթական` Լոնտոնեան Տերպիին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները: Լիվըրփուլի յաղթական մարզիկները Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը` այս անգամ իր «զոհը» դարձնելով Վուլվզը: Սակայն մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի կազմը իր այս յաղթանակը արձանագրեց քիչ մը դժուարութեամբ` 1-0 արդիւնքով: Աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Սատիօ Մանէ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (42-րդ):...

Ռէալ Մատրիտ` Առաջին Դիրքին Վրայ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը ներկայացուց 2010-էն 2019 ժամանակաշրջանին եւրոպական ֆութպոլի ամէնէն լաւ ելոյթ ունեցած ակումբներուն վարկանշային դասաւորումը: Անոր մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ, որ չորս անգամ տիրացած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ երեք անգամ ալ դարձած է Եւրոպայի գերբաժակակիր: Անիկա ապահովեց 255 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Պայէրն Միւնիխ (244 կէտ), իսկ լաւագոյն եռեակը...

Հաալանտ Միացաւ Պորուսիա Տորթմունտին

Երէկ` կիրակի, 29 դեկտեմբերին, Պորուսիա Տորթմունտի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբը ձեռք ձգեց Սալզպուրկի աւստրիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի ստորագրութիւնը: Գերմանական ակումբը եւ 19 տարեկան ֆութպոլիստը կնքեցին պայմանագրութիւն մը, որ կ՛երկարի մինչեւ 2024-ի ամառ (30 յունիս): Աւստրիացի ֆութպոլիստով հետաքրքրուած էին նաեւ շարք մը այլ անուանի ակումբներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Լայփցիկ եւ ուրիշներ:

Անգլիական Ֆութպոլ. Փելեկրինի Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») իր մասնակցութիւնը բերող Ուեսթ Համ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ խումբի չիլիցի մարզիչ Մանուէլ Փելեկրինին: 66 տարեկան Փելեկրինիի խումբը 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն իր դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը Լայսթըր Սիթիէն: Ան խումբի մարզիչ նշանակուած էր մայիս 2018-ին: Ուեսթ Համ այժմ կը գտնուի վտանգաւոր գօտիին վրայ: 19 կէտ միայն ապահոված Ուեսթ Համ կը...

Մոնաքօ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Մոնաքոյի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբը պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Լէոնարտօ Ժարտիմին: Անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ռոպերթ Մորինոն: Մոնաքօ այսօր` երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր նոր մարզիչը:

Զլաթան Իպրահիմովիչ Վերադարձաւ Ա. Սէ. Միլան

Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Ա. Սէ. Միլան: 38 տարեկան Իպրահիմովիչ 2 յունուար 2020-ին պիտի հասնի Միլանօ եւ բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք պիտի միանայ իր խմբակիցներուն ու պիտի սկսի իր փորձերուն: Իպրահիմովիչ, որ երկու տարեշրջան (2010-էն 2012) մաս կազմած է Ա. Սէ. Միլանի, 85 մրցումի ընթացքին նշանակած է 56 կոլ: Ան պիտի ստանայ...

Page 646 of 1279 1 … 645 646 647 … 1,279

Արխիւներ