Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին նախագահ Խուան Լափորթա յայտարարեց, որ կը պատրաստուի իր թեկնածութիւնը առաջադրելու ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն:
Ըստ «Մունտօ Տեփորթիւօ օրաթերթին, ան ինքնավստահ է, որ այդ ընտրութիւններուն յաղթանակ պիտի արձանագրէ:
Ան Պարսելոնայի 38-րդ նախագահը եղաւ 2003-էն 2008:
Ան իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր նաեւ 2015-ին, սակայն պարտուած` ակումբին այժմու գործող նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուէն:
Պարսելոնայի նախագահական ընտրութիւնները պիտի ունենան 30 յունիս 2021-ին: