Լիբանանի սուսերամարտի ախոյեան Ռիթա Ապու Ժաուտէ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած Արաբական սուսերամարտի ախոյեանութեան յաջողեցաւ տիրանալ 3 արծաթ մետալի:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ եօթը երկիրները` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Լիբանան, Սուրիա, Պաղեստին, Իրաք եւ Քուէյթ:
Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ եթէ Ռիթա Ապու Ժաուտէ ախոյեանութեան առաջին օրը իր ձեռքը չվիրաւորէր, անկասկած պիտի տիրանար ոսկի մետալի: