Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի համաձայնութեան եկած է Աթլեթիքօ Մատրիտ տեղափոխուելու գծով, կը յայտնէ «ԱՍ»:
32 տարեկան Քաւանի սպանական ակումբին հետ պիտի կնքէ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Կ՛ակնկալուի, որ այս տեղափոխութիւնը կատարուի քանի մը օրերու ընթացքին:
Ան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ ֆրանսական ակումբին (նախապէս` Նափոլի):