Խրուաթական մամուլը կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ շատ հաւանաբար Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներէն ետք աւարտէ իր միջազգային ասպարէզը:
31 տարեկան Ռաքիթիչ ըսաւ, որ ասիկա պիտի յստականայ, երբ ինք խորհրդակցութիւն մը ունենայ հաւաքականի մարզիչին հետ:
Ռաքիթիչ, որ 2007-էն ի վեր մաս կը կազմէ Խրուաթիոյ ազգային խումբին, 106 մրցումի ընթացքին նշանակած է 15 կոլ: