Մարոքի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ իրաւարար Հիշամ Թիազի ցմահ կախակայուեցաւ իր կատարած բաւական աններելի եւ կոպիտ սխալներուն համար:
44 տարեկան Թիազի իր սուլած վերջին մրցումին որոշեց տալ 4 փենալթիներ, որոնցմէ երեքը` նոյն խումբին դէմ:
Մարոքի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Օլիմփիք Հուրիպքան 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Եուսուֆի Պերրեհիտի դէմ:
Յաղթական կազմը իր երեք կոլերը նշանակեց փենալթիներով, ինչ որ բարձրացուց մեծ աղմուկ, որուն պատճառով Թիազի ցմահ կախակայուեցաւ: