
«Մարքա» հաղորդեց, որ Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի դարձաւ 2019 տարուան լաւագոյն ռմբաձիգը:
Լեհ ֆութպոլիստը 1 յունուար 2019-էն սկսեալ դարձաւ 54 կոլի հեղինակ` մասնակցելով 59 մրցումի:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լիոնել Մեսսի (50 կոլ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Քիլիան Մպափէ (44 կոլ):