Տաւուշի մարզի 5 գիւղեր պիտի ունենան փոքր նոր մարզադաշտեր, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, Տաւուշի մարզ այցելեցին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, փոխնախագահ Արմէն Նիկողոսեան` այլ պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ:
Անոնք առաջին անգամ այցելեցին Հաղարծին գիւղը, ապա` Գանձաքար, որմէ ետք` մնացեալ գիւղերը: