Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան իր ելոյթները պիտի չշարունակէ Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի հետ, տեղեկացուց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փիւնիկ երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեց պայմանագրութիւնը` 32 տարեկան յառաջապահին հետ:
Ան Փիւնիկ վերադարձած էր այս տարի եւ մասնակցելով 4 մրցումի նշանակած էր կոլ մը:
Փիւնիկ յաջողութիւն մաղթեց իր ֆութպոլիստին` իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով: