Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած` 2019 տարուան լաւագոյն մարզիկներուն քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան 2019-ի լաւագոյն տասնեակին մաս կազմողները:
Մարզիչներու, մարզական լրագրողներու եւ «Էս. Էմ. Էս.»-ի քուէարկութեան արդիւնքներով լաւագոյն տասը մարզիկներն են` Սիմոն Մարտիրոսեան (ծանրաբարձութիւն), Արթուր Ալեքսանեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Արթուր Աւետիսեան (մարմնամարզութիւն), Գոռ Մինասեան (ծանրաբարձութիւն), Ռուբէն Ալեքսանեան (ծանրաբարձութիւն), Յովհաննէս Բաչքով (կռփամարտ), Սլաւիկ Գալստեան (յունահռոմէական ըմբշամարտ), Տիգրան Կիրակոսեան (սամպօ), Արսէն Յարութիւնեան (ազատ ոճի ըմբշամարտ) եւ Յակոբ Մկրտչեան (ծանրաբարձութիւն):
Քուէարկութեան արդիւնքները հաստատեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:
Նախարարը յայտնեց, որ մարզիկներու մեծարման երեկոն տեղի պիտի ունենայ յունուար ամսուան ընթացքին:
Թէեւ քուէարկութեան կէտերը չհրապարակուեցան, սակայն նշուեցաւ, որ Սիմոն Մարտիրոսեան ապահոված է ամէնէն շատ կէտերը:
Յայտնենք, որ այդ տասնեակէն դուրս մնացին շատեր, որոնց կարգին` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան: