Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան:
Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) սկսած այս ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին, Արոնեան սեւ քարերով յաղթեց Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ Էլտար Կասանովին (43-րդ շարժումին):
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Պետրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Արման Փաշիկեան, Ա. հանգրուանին արձանագրեցին հաւասարութիւններ: