Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախանցեալ օր սկիզբ առաւ «Թելեքոմ»-ի 2-րդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 5 խումբերը` «ԱԼՖԱ», «ԹԱՉ», «ՍԻՍՔՕ», «ՕԺԵՐՕ» եւ «ԱՅ. ՓԻ. ԹԻ.»:
Ըստ մրցաշարքի օրէնքին, 5 խումբերէն չորսը, կը հասնին կիսաւարտականին:
Նախորդ տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած այս մրցաշարքը բաւական մեծ յաջողութիւն գտած էր: