Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ, աշխարհի կրկնակի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան պիտի հռչակուի 2016-ի Ռիոյի ողիմպիական խաղերու ախոյեան` 105 քկ դասակարգին մէջ:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան ըսաւ, որ ախոյեան հռչակուած ուզպեք Ռուսլան Նուրուտինովի` խթանիչ դեղերու գործածութեան քննութեան արդիւնքները տուած են դրական արդիւնք, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան պիտի զրկուի ոսկի մետալէն, որ պիտի տրուի փոխախոյեան հանդիսացած Մարտիրոսեանին:
Պաշտօնական յայտարարութիւնը պիտի հրապարակուի յունուար 2020-ին: