Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ աղջկանց ֆութսալի բաց ախոյեանութիւն:
Տեղի պիտի ունենան 14 տարեկանէն վար եւ 15 տարեկանէն վեր երկու տարիքային ախոյեանութիւն: Անիկա պիտի սկսի 19 յունուար 2020-ին: Աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ մարտ 2020-ին:
Խումբերը բաղկացած պէտք է ըլլան նուազագոյնը 6 մասնակիցէ:
Խումբերուն արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 10 յունուար 2020-ը: