Ասիոյ Ֆութպոլ Բաժակի Մրցաշարքին Համար. Ահտ Իր Կազմը Պիտի Օժտէ Նոր Օտարականներով
Լիբանանի ֆութպոլի գործող ախոյեան եւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր Ահտ յայտնեց, որ միայն մէկ օտարականով (Իսսա Եաաքուպօ) պիտի չբաւարարուի, երբ սկսին Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ճակատումները: Ահտ նաեւ յայտարարեց, որ խումբին պիտի միանան նոր օտարականներ: Ահտ իր կազմին մէջ չուզեց պահել միւս երկու օտարականները` թունուզցի Ահմետ Աքքայշին եւ սուրիացի Ահմետ Սալահը:
