«Տի. Սի. Եունայթըտ»-ի նախկին յառաջապահ Ուէյն Ռունի վերադարձաւ հայրենիք եւ պայմանագրութիւն մը կնքեց Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մաս կազմող Տերպի Քաունթիի հետ:
Լքելէ ետք «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան (Միացեալ Նահանգներ) մասնակցող իր խումբը, ան 18 ամսուան վրայ երկարող պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, որ այդքան ալ լաւ դիրքի վրայ չի գտնուիր եւ կը գրաւէ դասաւորման 17-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Լիծ Եունայթըտ, որ իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընը (անոնք ունին 52 կէտ): Տերպի ունի 30 կէտ:
Ռունի, որ կրեց թիւ 32 մարզաշապիկը, նախանցեալ օր արդէն իսկ կատարեց իր առաջին մրցումը:



