Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Պարսելոնա հանդիսացաւ երթի ախոյեան` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ռէալ Մատրիտը, որ իր կարգին ունի 40 կէտ:
Երրորդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտ ունի 35 կէտ:
Այս հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները եղան ի նպաստ Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի` նկատի ունենալով, որ անոնք յաղթեցին, մինչ Պարսելոնա քաթալոնիական տերպիի մրցումին 2-2 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էսփանիոլի դաշտն վրայ:
Տաւիտ Լոփես նշանակեց Էսփանիոլի եւ մրցումին առաջին կոլը (23-րդ), մինչ Լուիս Սուարեզ (50-րդ) եւ Արթուրօ Վիտալ (59-րդ)` Պարսելոնայի կոլերը:
Մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, չինացի Ուու Լէյ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը:
Պարսելոնա մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 75-րդ վայրկեանին Ֆրենք Տը Եոնկ իր երկրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար դաշտէն վտարուեցաւ:
Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Կեթաֆէի (7-րդ) դաշտին վրայ` շնորհիւ Տաւիտ Սորիայի (34-րդ` փենալթիով) Ռաֆայէլ Վարանի (53-րդ) եւ Լուքա Մոտրիչի (90-րդ) նշանակած կոլերուն:
Իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 59 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լեվանթէի դէմ (9-րդ):