«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը, արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց իր 32-րդ յաղթանակը` 127-118 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Սան Անթոնիօ Սփըրզը:
Շարունակելով իր ձախող ելոյթներուն շարքը` արեւմտեան շրջանի վերջին դիրքին վրայ գտնուող կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 28-րդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Տիթրոյիթ Փիսթընզէն, 111-104 արդիւնքով:

Հակառակ Լուքա Տոնքիչի իրագործած թրիփըլ տապըլին (39 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), անոր կազմը` Տալաս Մավըրիքս, երկարաձգումէն ետք 123-120 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Շարլոթ Հոռնեթցէն:
Աթլանթա Հոքս 116-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ: Յաղթական կազմէն Թրայէ Եանկ նշանակեց 41 կէտ:
Երկրին գործող ախոյեան Թորոնթօ Ռեփթըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 24-րդ յաղթանակը Պրուքլին Նեթցի դաշտին վրայ` 121-102 արդիւնքով:


