Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ հինգշաբթի, 2 յունուար 2020-ին, բժշկական յաջող քննութիւններու ենթարկուելէ ետք պաշտօնապէս ստորագրեց իր նախկին ակումբին` Ա. Սէ. Միլանի տոմարներուն վրայ:
Ան կնքեց կէս տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ: Ան պիտի ստանայ 3 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Եթէ իտալական ակումբը անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ, ան պիտի ստանայ յաւելեալ 3 միլիոն եւրօ: